image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է հալէպահայ՝ Արշալոյս Պերղուտեանը

«Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է հալէպահայ՝ Արշալոյս Պերղուտեանը

 Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բնիկ Հալէպցի ՝ Արշալոյս Պերղուտեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալի վերջին հրաժաշետի եւ թաղման արարողութիւնը կատարուած են Երեւանի մէջ։

 

 Կը նշուի, որ Արշալոյս մայրիկը (Ծնեալ Մասոյեան 1930-ին Հալէպ) մահացած է «Քորոնա» համավարակին հետեւանքով։

 

 

 Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» խորազգաց  ցաւակցութիւններ կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ մասնաւորապէս թերթիս բարեկամ հալէպահայ բժիշկ եւ հանրային գործիչ՝ Տօքթ. Վազգէն Պերղուտեանին։