image

Ատրպէյճանին անցաւ նաեւ Վահան Թէքէեանի անուան միջնակարգ դպրոցը (Լուսանկարներ)

Ատրպէյճանին անցաւ նաեւ Վահան Թէքէեանի անուան միջնակարգ դպրոցը (Լուսանկարներ)

Ատրպէյճանին անցաւ նաեւ Բերձորի Վահան Թէքէեանի անուան միջնակարգ դպրոցը: Այս դպրոցը՝ իր 250 գունեղ եւ ոգեշնչող աստիճաններով շատերուն յայտնի է: 

1992թ. հայկական ուժերը իրենց հսկողութեան տակ առին Քաշաթաղի շրջանի վարչական կեդրոն Բերձորը (Լաչին), Լաչինի միջանցքը, որ կ'անուանեն նաեւ «կեանքի ճանապարհ», քանի որ այն միակ ցամաքային կապն էր Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ, ազգային անվտանգութեան անկիւնաքարերէն մէկը:

1994թ. սեպտենբերէն Քաշաթաղի շրջանի քանի մը բնակավայրերու մէջ բացուեցան դպրոցներ, այդ շարքին` Բերձորի թիւ 1 միջնակարգ դպրոցը: Առաջին դպրոցի հիմնադրումը շրջանի վերաբնակեցման ամենամեծ նուաճումներէն էր:

2009 թուականէն դպրոցը կը կրէ արեւմտահայ բանաստեղծ, հրապարակախօս Վահան Թէքէեանի անունը: 2010 թ. սկիզբ դրուեցաւ դպրոցի եւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի միջեւ համագործակցութեան:

Դպրոցին մէջ կը գործէին արհեստագիտութեան, ՆԶՊ-ի, պատմութեան, հայոց լեզուի եւ գրականութեան, աշխարհագրութեան, մաթեմատիկայի, ֆիզիկայի, կենսաբանութեան, քիմիայի, ինֆորմատիկայի, անգլերէնի գրասենեակներ: Դպրոցին մէջ կը սորվէր 220 աշակերտ, կը դասաւանդէին 28 ուսուցիչներ: