image

Ջալալ Յարութիւնեանը դուրս եկաւ հիւանդանոցէն. Զօրավարի վիճակը լաւ է

Ջալալ Յարութիւնեանը դուրս եկաւ հիւանդանոցէն. Զօրավարի վիճակը լաւ է

Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, Արցախի հերոս Ջալալ Յարութիւնեանը դուրս եկած է հիւանդանոցէն:

«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեանը:

Ալթունեանն ըսած է, որ ան դեռ պէտք է շարունակէ բուժումը:

Ջալալ Յարութիւնեանը վիրաւորուած է մարտական դիրքի վրայ գտնուած ժամանակ։ Ան 27 հոկտեմբերին ազատուած էր Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն։ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ Արցախի Հանրապետութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւններու, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար զօրավար-լեյտենանտ Ջալալ Յարութիւնեանին շնորհած է «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում: