Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հալէպի ՀՄՄ-ի ընտանիքի անդամներէն Ալեքսան Հէքիմեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։
Մեր ունեցած տուեալներով Ալեքսան մահացած է վերջին օրերուն առողջական բարդացումներու հետեւանքով։
Հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը տեղի ունեցած են այսօր, Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ի ներկայութիւն հարազատներու, ընտանիքի բարեկամներու, ինչպէս նաեւ հանգուցեալի միութենական ընկերներուն։
Նշենք, որ 18 տարին դեռ չբոլորած Ալեքսան սիրուած երիտասարդ մըն էր ՀՄՄ-ի, ինչպէս նաեւ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի շրջանակներուն մէջ։
Ան անդամ էր ՀՄՄ-ի ֆանֆարին եւ մեծ աշխուժութեամբ կը մասնակցէր գաղութային կեանքին։