image
Հրատապ լուրեր:

Երդմանակալութեան ընթացքին, Ճօ Պայտընի կինը «Մարգարեան» պիտակով հագուստ հագած էր

Երդմանակալութեան ընթացքին, Ճօ Պայտընի կինը «Մարգարեան» պիտակով հագուստ  հագած  էր

Ճօ Պայտընը երդմամբ ստանձնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու նախագահի լիազօրութիւնները:

Պաշտօնական արարողութիւնը ընթացած է Ուաշինկթընի մէջ՝ Քափիթոլիումի մէջ, ուր կը գտնուին օրէնսդիր իշխանութեան երկու պալատները՝ Սենատը եւ Ներկայացուցիչներու տունը:

Լրատուամիջոցները նշած են, որ Ճօ Պայտընը կրած է ամերիկացի ձեւաւորող Ռալֆ Լորէնի ստեղծած զգեստը, իսկ անոր կինը՝ ԱՄՆ առաջին տիկին Ճիլ Պայտընը, կրած է «Մարգարեան» պիտակով կապոյտ վերարկու, որ ստեղծած է երիտասարդ ձեւաւորող Ալեքսանտրա Օ'Նիլը: Վերջինս Markarian ապրանքանիշը հիմնած է Նիւ Եորքի մէջ, 2017-ին, ոգեշնչուելով իր տատիկէն,որ Ալեքսանտրային փոքր ժամանակ կարել սորվեցուցած է:

Ան իր ապրանքանիշը «Մարգարեան» կոչած է Մարգարեանի  կալաքթիկաներու անունով: Այն կը կոչուի հայ աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի անունով:  

Աւելի ուշ Ալեքսանտրա Օ'Նիլը յայտարարած է, որ կապոյտ գոյնն ընտրած է իբրեւ վստահութեան եւ կայունութեան խորհրդանիշ: 

Ամերիկեան նախագահական պատմութեան աւանդոյթի համաձայն Ճիլ Պայտընի հագուստը փոխանցուած է Սմիսթոնեան գիտահետազօտական հիմնարկի գլխաւոր թանգարանին: