image

Երեւանի մէջ մահացած է Հալէպահայ բարերար Միքայէլ Քէշիշեանը

Երեւանի մէջ մահացած է Հալէպահայ բարերար Միքայէլ Քէշիշեանը

 Յետ կարճատեւ հիւանդութեան Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  հալէպահայ բարերար եւ գործիչ Միքայէլ Քէշիշեանը։

 

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի մէջ գործող  Մարաշի Գերմանիկ-Վասպուրական հայրենակցական միութեանց  դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է, թէ « Մարաշի Հայր. Միութիւնն ու Գերմանիկ Վասպուրական Մշկթ. Միութիւնը, սրտի խոր ցաւով կը գոյժեն իրենց անդամ-համակիր եւ բարերար տիար Միքայէլ Քէշիշեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 19 Յունուար 2021-ին, Երեւան։

Այս տխուր առթիւ, միութեանս վարչութիւնները իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ընտանիքի բոլոր անդամներուն եւ հարազատներուն»։