image

Յունուար 23-ին Ատրպէյճանեան կողմը Հայաստանին փոխանցած է 30 դիակ

Յունուար 23-ին Ատրպէյճանեան կողմը Հայաստանին փոխանցած է  30 դիակ

 

Երէկ, 23 յունուարին ԱԻ պետական ծառայութեան փրկարարական ջոկատները որոնողական աշխատանքներ իրականացուցած էին Վարանդայի/Ֆիզուլի, Քաշաթաղի հարաւային թեւին եւ Մատաղիս շրջաններուն մէջ:
 Ինչպէս կը յայտնէ Արցախի ԱԻՊԾ-ն, աշխատանքներու շնորհիւ վերադարձուցած են եւս 30 զինծառայողի աճիւն, որ ատրպէյճանական կողմը փոխանցած է հայկական կողմին՝ չնշելով անոնց գտնուելու վայրը: Մարմիններն անճանաչելի են: Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն անոնց ինքնութիւնը պարզելու նպատակով:

2021 թուականի նախորդ օրերու համեմատ, երէկ ամենաշատ աճիւնները յայտնաբերուած են:

Որոնողական աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ զոհուած կամ անյայտ կորած զինծառայողներու հարազատները, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցած կամ տարածքին ծանօթ ուղեկցող-կամաւորները:

Նշենք, որ 2020 թուականի 13 նոյեմբերէն մինչեւ 2021 թուականի 23 յունուարը յայտնաբերուած է 1281 աճիւն:

Փրկարար-որոնողական աշխատանքներն այսօր կը շարունակուին Ջրականի/Ջապրայիլ/ եւ Վարանդայի/Ֆիզուլի/ շրջաններուն մէջ: