image

Իմաստալից քայլով մը՝ Տ. Թորգոմ եպս. Նորընծայ քահանան վերակոչեց՝ Տ. Արցախ Քահանայ

Իմաստալից քայլով մը՝ Տ. Թորգոմ եպս. Նորընծայ քահանան վերակոչեց՝ Տ. Արցախ Քահանայ

Այսօր ԱՄՆ-ի Նեւատա նահանգի Լաս Վեկաս շրջանին Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցած է քահանայական ձեռնադրութիւն՝ Բրշ. Սեւակ սրկ. Պատոյեանի։

«Արեւելք» այս մասին իմացաւ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի դիմատետրի էջէն, որ նշեց, թէ ձեռնադրութիւնն ու օծումը կատարած է թեմակալ Առաջնորդ Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, որ նորընծան օծելէ ետք զինք անուանակոչած  է՝ Տ. Արցախ Քահանայ։

Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար ճակատագրական այս օրերուն Ամերիկայի հեռաւոր ափերուն վրայ մեր եկեղեցւոյ սպասաւորները ուխտած են վերանորոգեալ հաւատքով շարունակել  հայութեան դարաւոր երթը  յոյս տալով  բոլորիս, որ այս տագնապէն ալ յաղթանակած դուրս պիտի գանք։

Ուխտը կատար կ՚ըսենք՝ նորաօծ Տ. Արցախին, մաղթելով բարի եւ քրիստոսանուէր ծառայութիւն։