image

ՀՅԴ Գանատայի մարմիններէն նոր օգնութիւն՝ Արցախին. Փոխանցուած է 100,000 ամն տոլար

ՀՅԴ Գանատայի մարմիններէն նոր օգնութիւն՝ Արցախին. Փոխանցուած է 100,000 ամն տոլար

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Արցախի Օժանդակութեան յանձնախումբը կը շարունակէ իր աշխատանքները` հասնելու Արցախի կարիքներուն։ «Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ horizonweekly-էն:

Յանձնախումբը 26 Սեպտեմբեր թուակիր իր հաղորդագրութեամբ, նշած էր. «Այսօր, մեր սուրբ հողը՝ մեր Արցախը անգամ մը եւս կը կանչէ մեզի։ Այսօր, բոլորս ունինք մէկ նպատակ՝ Արցախ եւ բիւր գործեր, յանուն անոր խաղաղ ապրելու իրաւունքին»։ Նոյնն է այսօր. Արցախը բոլորիս կարիքն ունի՝ բուժելու յետպատերազմական իր վէրքերը։

Բոլորիս պարտքն է հասնիլ իւրաքանչիւր վիրաւոր զինուորի, աջակցիլ տեղահանուած ընտանիքներուն, օգնել Արցախի վերականգնման։

Յանձնախումբի կատարած համագանատական նուիրահաւաքի ամէն լումա պիտի ծառայէ Արցախի վերականգնման ու արցախահայութեան օժանդակութեան յատուկ ծրագիրներուն։

Յանձնախումբը օգնութեան իր ծրագիրները կ՚իրագործէ Հայ Օգնութեան Միութեան հետ համագործակցաբար և այդ նպատակով յանձնախումբը 100,000 ԱՄՆ տոլար տրամադրած է ՀՕՄ-ի «Թիկունք կանգնինք Արցախցի ընտանիքին» ծրագիրին` հովանաւորելով Արցախէն տեղահանուած 100 ընտանիքներու կարիքները։

Համագանատական նուիրահաւաքը կը շարունակուի. Արցախի համար ձեր նուիրատուութեան մասնակցութիւնը կրնաք բերել՝ այցելելով՝ https://camam.akaraisin.com/ui/ArtsakhAid կամ գրել ArtsakhAid@armenian.ca: