image
Հրատապ լուրեր:

Արժան եւ իրաւ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան ընտրուած է Արաբական Ծոցի Եկեղեցիներու խորհուրդի Ատենապետ

Արժան եւ իրաւ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան ընտրուած է Արաբական Ծոցի Եկեղեցիներու խորհուրդի Ատենապետ

 

Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան ընտրուած է Արաբական Ծոցի Եկեղեցիներու խորհուրդի Ատենապետ: «Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ ԱՄէ-ի թեմի դիմատետրի էջէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
«Երկուշաբթի 25 Յունուար 2021-ին առաւօտուն, աւելի քան 10 տարիներէ ի վեր ծոցի երկիրներէ ներս գործող Եկեղեցիներու Խորհուրդը առցանց կ'ունենայ իր տարեկան ընդհանուր ժողովը, օրակարգ ունենալով՝ եկեղեցիներուն գործունէութիւնը ներկայ պայմաններէն ներս, յարաբերութիւններ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին հետ, տնտեսական կացութիւն եւ նոր գործադիր վարչութեան եւ ատենապետի ընտրութիւն:

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը անցնող շրջանին ընտրուելով սոյն խորհուրդին ատենապետը, շուրջ 3 ժամ տեւող առցանց տեղի ունեցած ժողովին ատենապետեց եւ զեկուցեց անցնող տարուայ ընթացքին կատարած իր աշխատանքներուն մասին:

Գործադիր վարչութիւնը նկատի ունենալով նոր ատենապետին ընտրութեան օրակարգը, միաձայնութեամբ փափաք յայտնեցին որ Թեմիս Առաջնորդը, շարունակէ Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդին ատենապետի պաշտօնը երկրորդ շրջանի մը համար եւս:

Յաջողութիւն կը մաղթենք Սրբազան Հօր առաքելութեան:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի»: