image

Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն մէջ ձիւնաբուք է

Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն մէջ ձիւնաբուք է

 

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ տարածքին մէջ կան փակ ճանապարհներ։

 

Փակ են Արագածոտնի մարզի մէջ «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ դէպի Քարի լիճ տանող ճանապարհները: 

Տաւուշի մարզի Դիլիջանի ոլորանները փակ են կցորդիչով բեռնատարներու համար:

Վարդենեաց լեռնանցքը (կցորդիչով բեռնատարներու համար) եւ Լոռիի մարզի Սպիտակի ոլորանները դժուարանցանելի են:

Շիրակի, Կոտայքի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ, Արագածոտնի մարզի Ապարան, Աշտարակ քաղաքներուն մէջ, Արագածի, Թալինի, Ծաղկահովիտի տարածաշրջաններուն մէջ, Տաւուշի մարզի Դիլիջան, Նոյեմբերեան, Բերդ, Վայոց ձորի մարզի Ջերմուկ, Գեղարքունիքի մարզի Սեւան, Ճամբարակ քաղաքներուն մէջ, Վայոց ձորի մարզի Սարաւան-Զանգեր ճանապարհահատուածին կը տեղայ ձիւն։

Շիրակի մարզի Աշոցքի եւ Ամասիայի տարածաշրջաններուն մէջ ձնաբուք է։

Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքին մէջ մառախուղ է։

Շիրակի մարզի Լանջիկ-Մարալիկ ճանապարհին տեղ-տեղ առկայ է մերկասառոյց:

Վրաստանի ՆԳՆ ԱԻ բաժանմունքէն եւ ՌԴ ԱԻՆ Հիւսիսային Օսիայի ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի փոխադրային միջոցներու համար․ ռուսական կողմին քով կայ մօտ 430 կուտակուած բեռնատար մեքենայ:

Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով։