image

Ռուսաստան արգելք հանդիսացած է այսօրուայ ցոյցը լուսաբանելու համար Երեւան գալ ուզող թուրք լրագրողներուն

Ռուսաստան արգելք հանդիսացած է այսօրուայ ցոյցը լուսաբանելու համար Երեւան գալ ուզող թուրք լրագրողներուն

 

War Gonzo- ն լուր տարածած է այն մասին, որ թրքական ԶԼՄ-ները Վրաստանէն կը պատրաստուէին ժամանել Երեւան՝ Փաշինեանի հանրահաւաքը լուսաբանելու նպատակով: Այդ մասին կը հաղորդէ @wargonzo թելեկրամեան ալիքը՝ յղում ընելով Պոլսոյ իր աղբիւրներուն:

 

Թրքական ԶԼՄ-ները յայտ ներկայացուցած են այսօր Երեւանի մէջ իրադարձութիւնները լուսաբանելու համար: Մասնաւորապէս, խօսքը կը վերաբերի TRT թրքական կայանին, որու լրագրողներն այժմ նաեւ կ'աշխատին հարեւան Վրաստանի տարածքին:

Աղբիւրները նաեւ հաղորդած են, որ Հայաստանի առանձին կառավարական կառոյցներ համաձայնութիւն տուած են թրքական ԶԼՄ-ներու ժամանման համար, սակայն այդ այցն անհրաժեշտ էր նաեւ համաձայնեցնել ռուս ուժայիններու հետ, որոնք պատասխանատու են սահմաններու եւ Հայաստանի տարածքին այլ ռազմավարական կառոյցներու անվտանգութեան համար: «Մեր տեղեկութիւններով՝ ռուսական կողմը  համաձայնութիւն չէ տուած Վրաստանի տարածքով Հայաստան թրքական ԶԼՄ-ներու մուտքի համար»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ թելեկրամեան ալիքի հեղինակ, լրագրող Սեմիոն Փեկովը լուսաբանած է Արցախի մէջ վերջին պատերազմը: Wargonzo-ն յայտնի է նաեւ իր աղբիւրներով տարբեր երկիրներու մէջ, այդ շարքին՝ Թուրքիոյ: