image

Ծանր լուր Երեւանէն. Արկածի հետեւանքով մահացած է «Արցախ» երգի բառերու հեղինակ՝ Սօսի Խանիկեան

Ծանր լուր Երեւանէն. Արկածի հետեւանքով մահացած է «Արցախ» երգի բառերու հեղինակ՝ Սօսի Խանիկեան

Երէկ Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցած վթարի հետեւանքով կեանքէն հեռացած է շարք մը երգերու խօսքերու հեղինակ Սօսի Խանիկեանը: Սօսին խօսքեր հեղինակած է շատ մը յայտնի հայ երգիչներու  համար, ան նաեւ վերջին շրջանին ամենասիրուած երգերէն մէկուն` Սեւակ Խանաղեանի «Արցախ» ստեղծագործութեան խօսքերու հեղինակն է:

Սօսին ընդամէնը 35 տարեկան էր...

Դէպքը պատահած էր 1 մարտին, ժամը 20:20-ի սահմաններուն՝ Երեւանի բնակիչ, 31-ամեայ  Տիգրան Բոշեան իր վարած «Mercedes Տ400» մակնիշի մեքենայով Բաղրամեան պողոտային վրայ՝ նախկին Կամոյի դպրոցի հարեւանութեամբ, վրաերթի ենթարկած էր աղջիկ հետիոտնի:

Վարորդը փախուստի չէր դիմած, ահազանգած էր Երեւանի  1-03 շտապօգնութիւն եւ օգնած էր ժամանած բժիշկներու հերթապահ խումբին՝ վիրաւորը տեղափոխած «Արմենիա» բժշկական կեդրոն:  Սակայն, ցաւօք, Սօսիի կեանքը չեն յաջողած փրկել: