image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ ծանր վիճակ. Ամերիկեան տոլարը հատեց 10 հազարի շեմը

Լիբանանի մէջ ծանր  վիճակ. Ամերիկեան  տոլարը հատեց 10 հազարի շեմը

Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապին իբրեւ հետեւանք ամերիկեան տոլարը կը շարունակէ արագ մագլցում գրանցել։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ։

Այս առումով աղբիւրները կը հաղորդեն, որ առաջին անգամ ըլլալով ամերիկեան տոլարի սակագինը հատած է 10 հազարի շէմը։

Եղածն անշուշտ կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ, առանց անոր ալ փլուզման շէմին գտնուող  տնտեսական ընդհանուր համակարգին վրայ։

Յիշեցնենք, որ երկրի  ելեւմտական պատութեան մէջ  առաջին անգամ 10 հազարի հասած ամերիկեան տոլարը, նախքան թուականի  հոկտեմբերի  «յեղափոխութիւն»ը  կը վաճառուէր   1500 լիբանանեան թղթոսկիի։