image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի փաստաբաններու պալատէն կոչ՝ ՀՀ նախագահին «Պահպանել Սահմանադրութիւն»ը

Հայաստանի փաստաբաններու պալատէն կոչ՝ ՀՀ նախագահին «Պահպանել Սահմանադրութիւն»ը

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում» կուսակցութիւններու խումբի 6 մարտի հերթական հանրահաւաքին, ելոյթ ունեցած է նաեւ Փաստաբաններու պալատի նախագահ՝ Արա Զոհրապեան: Ան իր ելոյթի սկիզբը յայտարարած է, որ բեմ բարձրացած է ոչ թէ որպէս Փաստաբաններու պալատի նախագահ, այլ որպէս շարքային քաղաքացի: Ան յայտարարած է, որ կարեւորագոյն հիմնարկները իրենց բողոքի ձայնով արտայայտած են եւ վարչապետի հրաժարականը պահանջած, այդպիսի պահանջ ներկայացուցած է նաեւ աւելի քան 700 փաստաբան: Ան անդրադարձած է նաեւ ստեղծուած իրավիճակին, իր գնահատմամբ, նախագահի ընելիքներուն։

«Արմէն Սարգսեանը պէտք է գիտակցի իր պաշտօնի կարեւորութիւնը։ Տեսէք, Սահմանադրութեամբ ինքը համարւում է պետութեան գլուխ եւ պարտաւոր է հետեւել Սահմանադրութեան պահպանմանը։ Ի՞նչ է նշանակում դա։ Եթէ սահմանադրական մարմինները միմեանց հետ բախումների մէջ են մտնում, ապա նախագահը պէտք է քաղաքակիրթ ճանապարհով լուծման ճանապարհը ցոյց տայ»,- ըսած է Զոհրապեան:

Ըստ Զոհրապեանին՝ մինչեւ 9 մարտ, նախագահը կարող է դիմել ՍԴ, եւ ըստ անոր, իրենց պահանջը նախագահէն այն է, որ դիմէ ՍԴ եւ այնտեղ վիճարկուի ԳՇ պետ՝ Օննիկ Գասպարեանի ազատման դիմումը: