2021-ի յունուարին Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մօտ տեղի ունեցած պայթումին հա մար պատասխանատու են Իրանի «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի» «Ալ-Քուտս» յատուկ ստորաբաժանման ուժերը։ Հետաքննութեան ընթացքին նման եզրակացութեան յանգած են Հնդկաստանի հակաահաբեկչական գերատեսչութիւնները, յայտնած է The Hindustan Times թերթը:
«Այն փաստը, որ ռումբը ոչ մեծ հզօրութեան էր եւ մարդկային զոհերու չէր յանգեցներ, հաւանաբար, պայմանաւորուած էր բարեկամ երկրի՝ Հնդկաստանի հետ յարաբերութիւնները փճացնելու իրանցիներու մտավախութեամբ»,- հրատարակութիւնը մէջբերած է հնդիկ փորձագէտի խօսքը:
Յիշեցնենք, որ Նիւ Տելհիի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մօտ պայթումը տեղի ունեցած էր 29 յունուարին։ Ոչ ոք տուժած էր։