image

Այսօր Արամ Ա. կաթողիկոսի ծննդեան օրն է. Ան դարձաւ 74 տարեկան

Այսօր Արամ Ա. կաթողիկոսի ծննդեան օրն է. Ան դարձաւ 74 տարեկան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսն այսօր կը տօնէ ծննդեան 74-ամեակը:

«Այսօր ուրախութեամբ կը նշենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր ու ազգընտիր Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ծննդեան տարեդարձը: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութեան, Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին եւ Մայրավանքի պաշտօնէութեան, տագնապներով եւ զանազան դժուարութիւններով լեցուն այս ծանր օրերուն, Վեհափառ Հայրապետին սրտագինս կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ համբերութիւն։

Կ՚աղօթենք, որ Աստուած Իր հովանին եւ օրհնութիւնը անպակաս ընէ Նորին Սրբութեան վրայէն, որպէսզի Հայրապետական Ասան մնայ միշտ ծաղկեալ եւ նո՛յն յանձնառութեամբ շարունակէ իր ժողովրդանուէր ծառայական առաքելութիւնը»,- ըսուած է Cilicia TV-ի դիամտետրի գրառման մէջ:

Արամ Ա. կաթողիկոս ծնած է 2 մարտ 1947-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ։ Արամ Ա-ն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս դարձած է 28 յունուար 1995-ին։