image

Լիբանանահայ նուիրեալ բժիշկ ՝ տօքթ. Սահակ Քէշիշեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

Լիբանանահայ նուիրեալ բժիշկ ՝ տօքթ. Սահակ Քէշիշեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

Պէյրութի մէջ «Քորոնա» վարակի զոհ դարձած է լիբանանահայ բժիշկ ՝տօքթ. Սահակ Քէշիշեան ։

  Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութէն։

 

 Մեր աղբիւրին հաղորդմամաբ լիբանանահայ բժիշկը վարակի տարածման առաջին օրերէն սկսեալ նուիրական գործունէութիւն ծաւալելով մեծ ջանք տարած է կանխարգիլելու համար մահաբեր վարակին տարածումը։

   Հայ Կաթողիկէ համայնքի  զաւակ Քէշիշեան  ծնած էր 1963-ին Լիբանան։ Ան   բժշկութիւն ուսանած է Հայաստանի մէջ  ու ապա, որպէս բժիշկ  գործած է Լիբանանի  մէջ։   Ան անդամ էր՝   ՀՅԴ  «Մարուխեան » կոմիտէութեան,  Լիբանանահայ  բժշկական միութեան վարչութեան եւ   Մարաշի հայրենակցական  միութեան ։

 

 Բժիշկ Քէշիշեան, եղած է անդամ ՀՅԴ-ի եւ երեւելի գործունէութիւն ծաւալած է, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի, Պէյրութի քաղաքապետարանի շրջանակներուն եւ թէ ալ դառնալով անդամ Տահր Ալ Պաշէք հիւանդանոցի տնօրէն խորհուրդին։

 

 Համայնքի անդամներուն կողմէ սիրուած եւ յարգուած բժիշկը միշտ ալ պատրաստակամութիւն ցուցաբերած է օգնելու եւ օգտակար ըլլալու իր հայրենակիցներուն։

 

Հանգուցեալը, որպէս գաղափարական մարտիկ եւ մարդասէր բժիշկ միշտ ալ պիտի յիշուի լիբանանահայ գաղութի ազգային-կուսակցական շրջանակներուն կողմէ։