image

Լիբանանի մէջ. Որպէս բողոքի նշան քաղաքացին փորձած է ինքզինք հրկիզել (Տեսանիւթ)

Լիբանանի մէջ. Որպէս բողոքի նշան քաղաքացին փորձած է ինքզինք հրկիզել (Տեսանիւթ)

 Լիբանանցի քաղաքացին, որպէս բողոք երկրին մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին փորձած է ինքզինք հրկիզել։ (Տեսնել՝ տեսանիւթը)։

  «Արեւելք»  այս  մասին տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Ժանուպիյա»  կայքէն։

 

Աղբիւրը կը  նշէ, որ դէպքը տեղի ունեցած է այսօր Լիբանանի  հարաւային Սուր քաղաքի Ապպասիյէ  բոլորակին մօտ։

 

  Շրջանին մէջ եղող ԱԻՆ մարմիններ, որ կը գտնուէին  դէպքի վայր վրայ հասնելով կարողացած են փրկել քաղաքացին։

 Յիշեցնենք, որ   Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին հետեւանքով այս առաջին դէպքը չէ, որ կը գրանցուի։

 Տեղի ունեցած են նման տասնեակ դէպքեր, որոնց մի քանին աւարտած է  տխուր ողբերգութեամբ։

 Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական դրութիւնը կը շարունակէ մնալ տագնապալի։