image

Հալէպահայ Կարպիս Մինասեան մահացած

Հալէպահայ   Կարպիս Մինասեան  մահացած

  Օրերս  Ամերիկայի  Միացեալ Նահանգներուն մէջ  իր մահկանացուն կնքած է  բնիկ Հալէպահայ Կարպիս Մինասեան։

  Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք   հանգուցեալի հարազատներէն։

Հալէպի մէջ ծնած  մեր հայրենակիցը       Միացեալ Նահանգներ  գաղթած էր  Սուրիոյ  պատերազմի  թէժացումէն ետք։

 

 Ան եղած է       վարպետ ոսկերիչ ու իր   ճշդապահութեամբ  եւ նուիրուածութեամբ արժանացած   շրջապատի  յարգանքի ու սիրոյն։

 

 Վերջին շրջանին  ծանր  հիւանդութեամբ մը բռնուելէ ետք  Կարպիս կը  մահանայ խոր սուգի մատնելով իր  ազգականներն ու   բարեկամներու մեծ շրջանակը։

 

  Երկու  դուստրերու հայր Կարպիս    Մինասեան   62   տարեկան էր։

 

 Այս  առթիւ   «Արեւելք» իր խորազգաց  ցաւակցութիւնները կը յայտնէ  հանգուցեալի հարազատներուն եւ  մասնաւորապէս   մեր թերթի  բարեկամ   Շահէ եւ Միանսեաններուն։