image

Թրքական «Թարաֆ»ը գովասանքով գրած է Էկոյեանի նոր ֆիլմին մասին

Թրքական «Թարաֆ»ը  գովասանքով գրած է Էկոյեանի նոր ֆիլմին մասին

Թրքական «Թարաֆ»ը լայն տեղ յատկացուցած էր գանատահայ տաղանդաւոր բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի նորագոյն ժապաւէնին, որ այս օրերուն ցուցադրուիլ սկսած է շարժանկարի սրահներուն մէջ: Էկոյեանի այս անգամուան ժապաւէնը կոչուած է «Յիշէ»: Տեսաֆիլմը նուիրուած է հրէական ողջակիզման, բայց ողջակիզման նուիրուած բոլոր ժապաւէններէն տարբեր շունչ ունի ու մասնաւորաբար կը ցոլացնէ Էկոյեանի տաղանդը: Ժապաւէնը լեցուն է հանդիսատեսը «գրաւող» անակնկալներով, բայց մայր թէման վրիժառութեան պատմութիւն մըն է: 90 տարեկան ամերիկացի հրեայ մը, իր կնոջը մահէն վերջ, երբ արդէն կը զգայ թէ ոչինչ մնաց զինք  կեանքին կապող, ընդառաջելով նաեւ իր մէկ ընկերոջ թելադրութիւններուն, ճամբայ կ'ելլէ վրէժ լուծելու համար Աուշվիցի կեդրոնացման ճամբարի մէջ աշխատած ոճրագործէ մը: Ինչպէս Ատոմ Էկոյեանի միւս ժապաւէնները, այս նոր ժապաւէնն ալ բաւական բարդ կառոյց ունի, բայց կը բեմադրէ արտակարգ խաղարկութիւն մը՝ մասնաւորաբար գլխաւոր դերակատար Քրիսթոֆըր Փլամմըրի հոյակապ դերակատարութեամբ: