Միացեալ Նահանգներ- ՀԲԸՄ-ի Կիպրոսի «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան» տարբեր տարիներու շրջանաւարտներ դաշտագնացութիւն մը կատարած են Լոս Անճելոսի մէջ: Նշենք, որ առիթին մասնակցած են շուրջ 170 շրջանաւարտներ: «Արեւելք»ի ունեցած տեղեկութիւններով շրջանաւարտները (յատկապէս 1970 թուականի) տրամադրուած են միութիւն մը ստեղծել հետապնդելու համար Մելգոնեանի վերաբացման խնդիրը: Անոնք կը մեղադրեն Բարեգործականը Մելգոնեան վարժարանը փակելուն մէջ: