image

Սարսափելի ոճիր ... Քրիստոնեայ մարդ մը սպաննած է իր դուստրը մահմետականի հետ ամուսնանալ ուզելուն համար

Սարսափելի ոճիր ... Քրիստոնեայ մարդ մը  սպաննած է իր  դուստրը մահմետականի հետ ամուսնանալ ուզելուն համար

Իսրայէլի մէջ պաղեստինցի քրիստոնեայ մարդ մը սպաննած է  իր դուստրը, որ կ’ուզէր ամուսնանալ մահմետական տղու մը հետ:

Իսրայէլեան  լրատուամիջոցներ յայտնեցին,  որ 58 տարեկան Սամի Քարրան սպաննեց երկրորդական վարժարանը նոր աւարտած  իր աղջիկը Ալ Ռամլէ քաղաքին մէջ գտնուող տան մէջ:

Նշենք որ մահմետականի սիրահարուած աղջիկը պատրաստակամ էր իսլամը   ընդունիլ:

Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու ՝ աղջկան հայրն ու մահմետական տղան  արդէն իսկ    յայտնուած են կալանքի   տակ: