image
Հրատապ լուրեր:

Ծանր ոճիր մը ցնցեց Լիբանանը. Մեղադրեալը սուրիացի է

Ծանր  ոճիր մը ցնցեց Լիբանանը. Մեղադրեալը սուրիացի է

Լիբանանի  ներքին գործոց  նախարարութեան անվտանգութեան մարմիններ յատարարութեամբ մը հանդէս  գալով  նշած են, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 25 տարեկան  սուրիացի մեղադրեալ մը, որ սպաննած է լիբանանցի մը:

Այս մասին տեղեկութիւն տուած է «Ալ Ժատիտ» կայանը:

Ըստ կայանին ոստիկանութիւնը նշած է, թէ  անցնող 5 օգոսոտոսին,  Քամալ Սապա  անունով քաղաքացի մը երբ դուրս եկած է «Ռահպա» գիւղաքաղաքի  մէջ գտնուող իր տունէն, երեկոյան ժամը 22:00-ին՝ ետ տուն չէ վերադարձած:

Ոստիկանութեան ջանքերով, եւ Քամալի  որդիին տուած  տեղեկութիւններուն  շնորհիւ՝ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 25 տարեկան սուրիացի մը,  որուն վրայ կասկածներ կային Սապայի սպաննութեան  կապ ունենալուն մէջ

1991-ի ծնունդ սուրիացին  հարցաքննուելէ ետք  խոստովանած է, թէ ինքը, իր կինը, եւ եղբայրը, համագործակցելով՝ սպաննած են Քամալը, նիւթական պատճառներու համար եւ նետած են  անոր  դիակը «Ատուա» եւ  «Այուն ալ Սամաք»   աւաններու միջեւ  գտնուած  լեռնային շրջանի մը մէջ:

Դատական  գործը   բացուած է եւ մեղադրեալն ու անորգործակիցները պիտի կանգնին դատարանի առջեւ:

Յիշեցնենք, որ  Լիբանանի մէջ ներկայիս կ'ապրին շուրջ մէկ ու կէս միլիոն  սուրիացի փախստականներ ու  անցնող յատկապէս երեք տարիներուն երկրին մէջ երեւելի աճ գրանցած են տարբեր  պատճառներով   եղող ոճիրներն ու սպաննութիւնները: