image

Լիբանանցի նախարարը «ձեռնոց կը նետէ» «Ալ Ժատիտ» կայանին հարց տալով ՝ «Ո՞ւր է հետապնդումը»

Լիբանանցի նախարարը  «ձեռնոց կը նետէ»  «Ալ Ժատիտ»  կայանին  հարց տալով ՝ «Ո՞ւր է հետապնդումը»

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը Թուիթերեան գրառում մը  կատարելով յայտարարած է, թէ ինք  պատրաստ է իր անձնական     բոլոր  հաշիւները եւ տուեալները  հասարակութեան   տրամադրութեան  տակ դնել:

Պասիլ  իր խօսքը յատկապէս    լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանի  տնօրէութեան ուղղելով  ըսած է. «Ո՞ւր էք եւ ինչո՞ւ չէք հետապնդեր  այդ խնդիրը»:

 

Նշենք, որ նախարար  Պասիլ, որ   շաբաթներ առաջ նոյն կայանէն    ելոյթ մը ունենալու պահուն  ըսած էր, թէ ինք պատրաստ է իր դրամական բոլոր հաշիւները   ցոյց տալ եւ   այդ մասին    յատուկ  գրութեամբ  թուղթ մը ստորագրած էր:

 

Ներկայիս Լիբանանի նախագահ  զօր. Միշէլ  Աունի  փեսան հանդիսացող Ժըպրան Պասիլ այսօրուան      տուեալներով կը  համարուի Լիբանանի  յառաջիկայ նախագահական  ընտրութեան    ամէնէն      երեւելի թեկնածուներէն մին:

 

Մինչ  իր հակառակորդները կը պնդեն, որ  «փեսայ» նախարարը նիւթական  մեծ գումարներ իւրացուցած է,  անդին Պասիլ    նախայարձակ ըլլալով պատրաստակամութիւն յայտնած է  թափանցիկ կերպով  հանրայնացնել իր դրամական բոլոր  հաշիւները:

 

Յիշեցնենք, որ Պասիլ  երկրի արտաքին գործոց նախարար ըլլալու կողքին    կը վարէ «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան     նախագահի պաշտօնը: