image

3 օր բանտարկուած մնալէ ետք լիբանանցի աքթիւիսթ Հանատի Ժըրժէս ազատ արձակուեցաւ

3 օր  բանտարկուած մնալէ ետք լիբանանցի աքթիւիսթ  Հանատի Ժըրժէս   ազատ արձակուեցաւ

Լիբանանցի   քաղաքացիական  գործիչ (աքթիւիսթ)   Հանատի Ժըրժէս           հաւաստագրով մը ազատ արձակուեցաւ:   Այս մասին լուրը   փոխանցեց  «Ալ Նահար»  պարբերականի կայքը: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Ժըրժէս   վիրաւորական  համարուած   «Ստատուսներ» գրած էր ուղղուած երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի, անոր փեսային   արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին,  ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին  դէմ: Ժըրժէս, որ յայտնի է իր ծայրայեղական  կեցուածքներով  բանտարկուած էր Թրիփոլիի կանանց   բանտին մէջ: Ըստ  լրատուական  աղբիւրներու, նախագահ Աուն անձամբ միջամտելով պահանջած է  ազատ արձակել Ժըրժէսը: Նշենք, որ  այս  առաջին  դէպքը չէ, որ  դիմատետրի  գրառումի մը պատճառով   քաղաքացիական հասարկութեան  աքթիւ   անդամներէն մին  կը բանտարկուի  ու ապա ազատ  կ'արձակուի: