Շաբաթ մը առաջ ինքնաշարժի արկածի ենթարկուած Հրայր Սարգիսեանի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Մարսէյլի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ ամառնային արձակուրդի համար Հայաստան հասած ֆրանսահայ երիտասարդը ենթարկուած է ինքնաշարժի արկածի եւ ապա փոխադրուած հիւանդանոց, ուր ան կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ:
Լիբանանահայ մայր եւ հայաստանցի հայր ունեցող Հրայրը 21 տարեկան է: Ան, աւարտելէ ետք Մարսէյլի Համազգայինի ճեմարանը, ընդունուած է քաղաքի արհեստից վարժարանի խոհարարական բաժին ու աւարտելէ ետք իր ուսումնառութիւնը, նետուած է կեանքի ասպարէզ:
«Արեւելք» առողջութիւն կը մաղթէ Հրայրին: