image
Հրատապ լուրեր:

Ֆէյսպուքեան խումբը Երեւանի մէջ բնակարան գնած է սուրիահայ ընտանիքին համար

Ֆէյսպուքեան խումբը Երեւանի մէջ բնակարան գնած է սուրիահայ ընտանիքին համար

Ֆէյսպուքի մէջ վերջերս ստեղծուած «Օգնութիւն սիրիահայ ընտանիքներին» փակ խումբը, որ իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձուցած է Սուրիոյ պատերազմէն ետք Հայաստան հաստատուած խումբ մը սուրիահայ ընտանիքներ, բնակարան գնած է Թամար եւ Պաղտասար Սարգիսեաններուն համար: Նարինէ Դաւթեանի ստեղծած խումբն ու անոր կողմէ վարուող բարեգործութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին տուած են իրենց արդիւնքները: Բարերարներն ու սովորական սրտացաւ մարդիկ Ռուսաստանէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ գումար հանգանակած են սուրիահայ  Սարգիսեան ընտանիքին համար, որոնք, Սուրիայէն Հայաստան գալով, Երեւանի մէջ կը բնակին վարձով: Երեք երեխաներէ կազմուած ընտանիքի փոքրիկը ծնած է Հայաստանի մէջ, «Օգնութիւն սիրիահայ ընտանիքներին» խումբը, հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կը հոգայ նաեւ երեխաներուն եւ ընտանիքի հօր առողջական խնդիրներուն ծախսերը: 

Թամար եւ Պաղտասար Սարգիսեանները որոշած են իրենց յետագայ կեանքը շարունակել Հայաստանի մէջ: Անոնք երախտագիտութեամբ ընդունած են նուէրը: