image

Հալէպահայ Վազգէն Գաբրիէլեանi վերջին յարգանքի տուրքը ՝1 սեպտեմբերին

Հալէպահայ Վազգէն   Գաբրիէլեանi վերջին յարգանքի տուրքը    ՝1  սեպտեմբերին

Շաբաթ մը  առաջ    Գերմանիոյ  մէջ   անակնակալ    կերպով մահացած   Վազգէն Գաբրիէլեանի   թաղման կարգը պիտի կատարուի Լինզ  քաղաքին մէջ: Այս  մասին «Արեւելք»  տեկղեկութիւն ստացաւ  հանգուցեալի հարազատներէն,  որոնք   նաեւ յայտնեցին, որ   թաղման կարգը  եւ յուղարկաւորութիւնը պիտի  կատարուին   ուրբաթ` 1   սեպտեմբերին:   Գիտական      համագումարի մը մասնակցելու նպատակով   Գերմանիա   մեկնած    հայ  գիտնականին մարմինն յառաջիկայ օրերուն պիտի հասնին Լինզ եւ անոր    գործընկերներուն փափաքով    թաղումը պիտի  կատարուի անոր  բնակած ու  աշխատած քաղաքին մէջ:  Կը փոխանցուի նաեւ, որ  թաղման կարգը պիտի կատարէ    Աւստրիոյ առաջնորդական տեղապահ   Տ. Գուսան   ծ. վրդ. Ալճանեան: Վերջին  տարիներուն  եւ Սուրիոյ  պատերազմին  հետեւանքով    դոկտ.  Վազգէն  Գաբրիէլեան իր ընտանիքի  անդամներուն հետ     փոխադրուած ու հաստատուած   էր Աւստրիոյ  մէջ:

Հայազգի գիտնականը  մահացած է սրտի  կաթուածի  հետեւանքով:  Ան  ծնած էր Հալէպ՝  1960-ին: Իր շրջապատին մէջ  յարգուած եւ սիրուած    Գաբրիլեան  աշխոյժ մասնակցութիւն  բերած է    գաղութային մէկէ  աւելի նախաձեռնութիւններու: