Պաղտատ ծնած Մայրանուշ Թովմասեան- Ազիզեան իր մահկանացուն կնքած է Լոս Անճելոսի մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն: Տիկին Մայրանուշ ծնած ըլլալով Պաղտատ երկար տարիներ անդամակցած ու եռանդուն մէկ անդամը եղած է Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին:
1945-ին ան կ'ամուսնանայ Օգսէն Ազիզեանին կազմելով հայկական բոյն մը: Անոնք երկար ժամանակ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերեն Իրաքի ազգային կեանքին ներս զբաղեցնելով պատասխանատու տարբեր պաշտօններ:
Հինգ թոռներուն եւ եօթը ծոռներու մեծ մայր հանդիսացող Տիկին Մայրանուշ իր մահկանացուն կը կնքէ Կլէյնտէի մէջ 7 սեպտեմբեր 2017-ին:
Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին յառաջիկայ Ուրբաթ օր Կլէյնտէլի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ: