image

Սուայտա. Մինչ Քաթրին Մըզհէրի ճակատագիրը կը մնայ անյայտ դիակներ գտնուած են քաղաքին մէջ

Սուայտա. Մինչ Քաթրին Մըզհէրի ճակատագիրը կը մնայ անյայտ  դիակներ գտնուած են քաղաքին մէջ

Վախի եւ անորոշութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ Սուրիոյ Ալ Սուայտա քաղաքին մէջ, օրեր առաջ քաղաքին մէջ երեք դիակներու յայտնաբերումէն ետք: Այս մասին լուրը տուած է «Ալ Ժատիտ» կայանը, որ նաեւ նշած է, թէ երեք անձերը  հաշույարդարի ենթարկուած են շրջանի մեծագոյն ընտանիքներէն՝ Ալ Մըզհէր ընտանիքի ձեռամբ:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ սպաննուած երեք անձերը կապ ունին  մարդկային օրկաններու առեւտուր կազմակերպելուն հետ:

 

Ըստ «Ալ Ժատիտ»ին, սպաննութիւնը եղած է ի հակազդեցութիւն 17-ամեայ աղջկայ մը՝ Քաթրին Հայսամ Մըզհէրին ուղղուած սպառնալիքներէն ետք եւ  զայն գաղտնի տեղ մը առաջնորդելէ ու  անոր սպառնալիքներ ուղղելէ ետք:

 

 Մինչ ընկերային ցանցերու վրայ հարցադրումներ կը հնչեն կապուած երեք անձերու սպաննութեան վերաբերեալ, անդին  Մըզհէր ընտանիքի մօտիկ աղբիւր մը յայտարարած է, թէ իրենք ամէն գնով պիտի պայքարին մարդկային օրկաններու առեւտուրին եւ նման անմարդկային արարքներու դէմ:

 

 Կը  հաղորդուի նաեւ, որ մինչեւ այս պահը Քաթրին Մըզհէրի ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ: