image

Հալէպի տարբեր թաղամասերուն մէջ մաքրութեան արշաւը կը շարունակուի

Հալէպի տարբեր թաղամասերուն մէջ մաքրութեան արշաւը կը շարունակուի

Հալէպ քաղաքի սպասարկման եւ ծառայութիւններու տնօրինութիւնը այսօր փողոցներու մաքրման եւ լուացման արշաւ իրականացուցած է: Այս մասին կը տեղեկանանք Հալէպի քաղաքային խորհուրդի ֆէյսպուքեան էջէն:

 

Աղբիւրը կը նշէ, որ մաքրութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս, Ալ-մանշիյէ ալ-քատիմ շրջանէն սկսած, անցնելով Պապ Ալ-Ֆարաճի ժամացոյցիէն եւ մինչեւ թանգարանի փողոցներէն հեռացուած են մեծ քանակութեամբ աւերուածութիւններու բեկորներ եւ հողի ու քարի կոյտեր: