image
Հրատապ լուրեր:

Միացեալ Նահանգներ. Հայ Դատի յանձնախումբը «Ազատութեան» մրցանակ պիտի շնորհէ Կարօ Փայլանին

Միացեալ Նահանգներ. Հայ Դատի յանձնախումբը «Ազատութեան» մրցանակ պիտի շնորհէ Կարօ Փայլանին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է իր տարեկան ձեռնարկին
ընթացքին Ազատութեան» մրցանակը շնորհել Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի
երեսփոխան Կարօ Փայլանինոր անդամ է Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու
ժողովրդավարական կուսակցութեան:

 

Այս  մասին լուրը կը փոխանցէ «Ասպարէզ»ը   գրելով նաեւ,   որ  մրացանակի տուուչութիւնը տեղի  պիտի ունենայ   յառաջիկայ  հոկտեմբերին:   Կը նշուի, որ  Հայ Դատի մարմնին  կողմէ կազմակերպուած 8 Հոկտեմբերի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:

Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին, կամ այցելել www.ancawr.org/gala կայքէջը։