image

Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները հիւրեր կամ գաղթական թռչուններ չեն. Պաշար Ասատ

Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները հիւրեր կամ գաղթական թռչուններ չեն. Պաշար Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ յայտնած է, որ «Քրիստոնեաները Սուրիոյ մէջ հիւրեր կամ գաղթական թռչուններ չեն, այլ անոնք հայրենիքի գոյութեան հիմն են, եւ առանց անոնց, բազմազանութեամբ օժտուած Սուրիան գոյութիւն չունենար», աւելցնելով, որ «միաժամանակ, առանց Սուրիոյ անոնք ալ հող եւ հաստատ գոյութիւն չեն ունենար»: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ նախագահ Ասատ երէկ այս մասին արտայայտուած է «Սուրիոյ մէջ ասորի երիտասարդներու ընդհանուր հանդիպում 2017»-ի ընդունելութեան, որուն ներկայ եղած է նաեւ Ուղղափառ ասորիներու Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքը, եւ այլ կրնօնական հայրեր: 

Ասատ նաեւ նշած է, որ «Սուրիան գոյակցութեան երկիր է եւ ոչ թէ համակեցութեան», շեշտելով այս երու հասկացութիւններու միջեւ տարբերակելու անհրաժեշտութիւնը. «համակեցութիւնը դժկամութեամբ միւսը ընդունիլ կը նշանակէ, իսկ գոյակցութիւնը առանց զատորոշումի ամբողջական կերպով ապրիլն է», ըսած է ան:


Իր խօսքին մէջ նախագահ Ասատ անդրադարձած է կարգ մը ուժերու կողմէ Սուրիոյ շրջանին քրիստոնեաները թիրախ դարձնելու փորձը, որ նպատակ ունի «Սուրիոյ մէջ բազմազանութիւնը թերի դարձնելու եւ շրջանը յարանուանական ու կրօնական պետութիւններու մասնատելու, որպէսզի օրինականացուի բռնագրաւեալ Պաղեստինի մէջ հրէական պետութեան գոյութիւնը, բան մը, որ ոչ մէկ՝ իր նահատակներու արիւնին հաւատարիմ սուրիացի կրնայ ընդունիլ»,- ըսած է ան: