image

Պէյրութ. Իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ երիտասարդ ՝ Եղիկ Չափարեանը

Պէյրութ. Իր մահկանացուն կնքած է  լիբանանահայ    երիտասարդ ՝ Եղիկ Չափարեանը

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ երիտասարդ  Եղիկ Չափարեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն:

Հայորդին իր մահկանացուն կնքած է յետ կարճատեւ եւ անողոք հիւանդութեան: Ան ծնած էր  ՊԷյրութ 1988-ին:

Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կատարուած է երէկ, Պուրճ  Համուտ հայաշատ շրջանի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալի մարմինը փոխադրուած է Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատուն:

«Արեւելք» այս տխուր առթիւ իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալ երիտասարդի ընտանեկան պարագաներուն եւ ընկերներուն: