image

Հալէպի մէջ հայկական նոր բոյն մը կազուեցաւ. Սարգիս եւ Վանա ամուսնացեալք (Լուսանկար)

Հալէպի մէջ հայկական նոր բոյն մը կազուեցաւ. Սարգիս եւ Վանա ամուսնացեալք  (Լուսանկար)

Հալէպի մէջ, ներկայութեամբ ազգականներու եւ ընկերներու, շաբաթ 7 հոկտեմբեր 2017-ին պսակադրուած են Սարգիս Աւագեանն ու Վանա Աթաշեանը: Ս. Պսակի Խորհուրդը տեղի ունեցած էր Հալէպի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ:

Սուրիան եւ մասնաւորապէս Հալէպը հարուածած պատերազմի նուազումէն եւ յատկապէս Հալէպ քաղաքի ապահովական վիճակի բարելաւումէն ետք, Հալէպ մնացած  հայորդիներ սկսած են ընտանեկան բոյներ կազմել, բան մը որ ոգեւորիչ է, ոչ միայն սուրիահայութեան այլ ամբողջ  հայութեան համար, եթէ անշուշտ հաշուի առնենք եւ կարեւորենք այդ պատմական գաղութի շարունակութեան ապահովումը:

Հայապահպանութիւնը, կամ Հալէպի հայութեան պահպանութիւնը ունի մի քանի կարեւոր կռուաններ, որոնցմէ ամէնէն հիմնականը ընտանեկան նոր բոյներու  կազմութիւնն է ու նաեւ ծնելիութեան աճի  ապահովումը:

Ու այս երկու կռուաններու ամրացման միակ ճանապարհը Հալէպի անվտանգութիւնն է, որ այսօր կը գտնուի կարեւոր եւ  դրական հունի մը մէջ: