Պէյրութի Պուրճ Համուտ հայաշատ շրջանին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Աբգար Պահատուրեանը: Այս մասին իմացանք հանգուցեալի բարեկամներէն: Ան մահացած է յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Պահատուրեան (1968-ի ծնունդ) կանուխ հասակէն նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ ինչպէս շրջանին մէջ ապրող շատ մը հայորդիներ մասնակցած է հայկական թաղերու պաշտպանութեան գործին՝ բերելով իր համեստ նպաստը:
Ան երկար տարիներ աշխատած է իր հօրեղբօր գործատեղիէն ներս, որպէս հմուտ կաշեգործ- պայուսակագործ, այդպիսով իր եղբօր հետ միասին ապահովելով ընտանիքի օրապահիկը:
Ընկերասէր, հայասէր եւ համեստ Աբգարը եղած է սիրուած անձ մը եւ հակառակ կեանքի ծանր պայմաններուն, միշտ փորձած է դրական ոգի մը տարածել շրջապատին մէջ:
Աբգարին համար հայութիւնն ու Հայաստանը կարեւոր իմաստ եւ տեղ ունեցած են, եւ ան մինչեւ իր կեանքի վերջին պահը բարձր պահած է բոլոր այն արժէքները, որոնց համար ալ պատրաստ էր պայքարիլ մինչեւ վերջ:
Աբգար Պահատուրեանը խոնարհ հերոս մըն էր: Յարգանք իր յիշատակին: