image

ԵԽԽՎ Ատրպէյճանի դէմ եւս մէկ բանաձեւ ընդունած է

ԵԽԽՎ Ատրպէյճանի դէմ եւս մէկ բանաձեւ ընդունած է

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ ընդունուած է Ալէն Տեսթեքսի հեղինակած «Ատրպէյճանի նախագահութիւնը Եւրոպայի խորհուրդին մէջ. Հերթական քայլերու վիճակին մասին, որոնք պիտի ձեռնարկուին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ» զեկոյցին վերաբերեալ թիւ 14397 բանաձեւը: Այդ մասին յայտնած է «APA» գործակալութիւնը:

Ինչպէս կը յայտնէ գործակալութիւնը, զեկոյցի օգտին քուէարկած է 114 անձ, դէմ՝ 24 անձ:

Ինչպէս կը յայտնէ «Meydan TV», զեկոյցի հեղինակը պելճիքացի պատգամաւոր Ալէն Տեսթեքսն է: Անոր զեկոյցի նախագիծը, ուր Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն խորհուրդ կը տրուի «խաւիարային դիւանագիտութեան» հետ կապուած կաշառակերութեանխայտառակութեան անկախ եւ անկողմնակալ հետաքննութիւն սկսիլ, 6 Սեպտեմբերին հաւանութեան արժանացած էր ԵԽԽՎ-ի իրաւաբանական եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնաժողովին կողմէ:

Խօսքը ԵԽԽՎ-ի շրջանին կաշառակերութեան խայտառակութեան մասին է, որ սկսած է զարգանալ 2016 թուականի ամրան, երբ իտալական «Corriere della Sera» թերթը յայտնած է, որ Միլանի դատախազութիւնը մեղադրած է յայտնի իտալացի քաղաքական գործիչ Լուքա Ոլոնթէն, ԵԽԽՎ-ի մէջ ԵԺԿ խմբակցութեան նախկին ղեկավարը, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներէն խոշոր չափի կաշառք ստանալու մէջ:

Պելճիքացի խորհրդարանականի նախագիծին մէջ նշուած է, որ «յանձնաժողովը մեծ մտահոգութեամբ ընդունած է 2012-2014 թուականներուն գործող եւ, մասնաւորապէս, ԵԽԽՎ անդամներու ազդեցութիւնն Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած իրավիճակի առնչութեամբ օգտագործած դրամի լուացման նախագիծին հետ Ատրպէյճանի կառավարութեան կապերուն մասին հաղորդագրութիւնները»:

Աւելի վաղ հաղորդուած է, որ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովն ընդունած է «Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու գործունէութիւնը» բանաձեւը:

Բանաձեւին մէջ վեհաժողովը մտահոգութիւն յայտնած է քրէական օրէնսդրութեան կամայական կիրառման խնդիրին առնչութեամբ, կարծիքներու արտայայտման ազատութիւնը սահմանափակելու նպատակով: Պատուիրակները նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են արտախորհրդարանական ընդդիմութեան գործունէութեան սահմանափակումներուն մասին պնդումներուն եւ ժողովներու ազատութեան սահմանափակումներու առնչութեամբ:

Պատուիրակները կոչ ուղղած են Ատրպէյճանին անյապաղ ապահովել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումներու լիակատար իրագործումը, ազատ արձակել քաղբանտարկեալները, ստեղծել լրագրողներու համար իրենց աշխատանքն ազատ կատարել արտօնող պայմաններ եւ յետագային փոփոխութիւններ մտցնել քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու գործունէութեան եւ նիւթական օժանդակութեան վերաբերեալ օրէնքներուն մէջ, անոնք համապատասխանեցնելով Եւրոպայի խորհուրդի չափանիշներուն: