image

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Քարաւան 1915» թրքական ֆիլմը Թուրքիոյ մէջ դուրս բերուած է շրջանառութենէ

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Քարաւան 1915» թրքական ֆիլմը Թուրքիոյ մէջ դուրս բերուած է շրջանառութենէ

Թուրքիոյ մէջ բեմադրիչ Իսմայիլ Կիւնէշի կողմէ նկարահանուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Քարաւան 1915» գեղարուեստական ֆիլմը հանուած է ֆիլմերու վարձոյթէն, կը յայտնէ թրքական «NTV»ն:

Բեմադրիչը նշած է, որ ֆիլմի ներկայացման հարցին շուրջ խումբը լուրջ գրաքննադատութեան կը հանդիպի, բացի անկէ, Կիւնէշ ու իր խումբը տարբեր խնդիրներու բախած են «Քարաւան 1915»ի ստեղծման ամբողջ ընթացքին: Կիւնէշ նշած է, որ ֆիլմը ցուցադրելու համար նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր թրքական ընդամէնը 54 թատրոնի հետ, յետոյ դժուարութեամբ կրցած էին այդ թիւը հասցնել 84-ի: Սակայն ի սկզբանէ ֆիլմը պէտք է ցուցադրուէր նուազագոյն հաշուով շուրջ 300 թատրոնի մէջ:

Ըստ բեմադրիչին, խնդիրը թրքական հասարակութեան մէջ Հայկական Հարցի շուրջ բացարձակ անտեղեակութիւնն է: Միեւնոյն ժամանակ թրքական «gazeteduvar.com.tr» կայքին մէջ նախօրէին հրատարակուած էր յօդուած մը, ուր հեղինակ Ազիզ Եաղան նշած է, որ ֆիլմը կ'արտացէ այն բոլորը, ինչ որ թուրքերը այսքան տարիէ ի վեր կը ցանկան համոզել աշխարհին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

Ֆիլմին մէջ ցուցադրուած են լաւ հագած, ապահովութեան մէջ դէպի Հալէպ քալող հայեր, որոնք օսմանցի պաշտօնեաներու հսկողութեան տակ են եւ ապահովուած չեն ուտելիքով ու ջուրով: «Ֆիլմը կը պնդէ, որ այն բոլորը, ինչ որ տեղի ունեցած է ճամբուն վրայ հայերուն հետ, այդ տեղահանման որոշումը միամտաբար ստորագրածներուն մեղքը չէր», - կը գրէ Եաղան:

Ֆիլմէն կարելի է եզրակացնել նաեւ, որ պետութիւնն ի վիճակի չէր պաշտպանել հայերը ճամբուն վրայ տեղի ունեցած աւազակային յարձակումներէն, թէեւ այդ մէկուն մեծ ցանկութիւնն ունէր: Ըստ անոր, խոչըդոնոտողը պատերազմական պայմաններն էին, որոնց պատճառով նման աւազակներու յարձակման թիրախին տակ էին բոլորը, նոյնիսկ պետական կառոյցները:

Ֆիլմին մէջ ցուցադրուած են նաեւ տեղահանման ժամանակ կորսուած հայ կիներու կերպարներ, որոնք, սակայն, ոչ թէ առեւանգուած են, այլ իրենց յօժար կամքով փախած իսլամ տղամարդոց մօտ: