image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Մահացած է Շաքէ Պոյաճեանը

Հալէպ. Մահացած է  Շաքէ  Պոյաճեանը

Յետ  կարճատեւ հիւանդութեան Հալէպի մէջ  մահացած  է  Շաքէ  Պոյաճեանը: «Արեւելք»  այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալին  հարազատներէն:

Հանգուցեալը  (Ծնեալ  Չամիչեան  Հալէպ 1952-ին)       տիկինն   էր    Ուրֆացի  հալէպահայ   Գէորգ Պոյաճեանին:

 Ան երկար  ժամանակ անդամակցած էր  Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի  «Սեւան»  մասնաճիւղին   եւ երկար տարիներ           մասնակցած էր     գաղութային  նայանպաստ  գործունէութեան:

Նշենք, որ  հանգուցեալին յուղարկաւորութեան եւ թաղման  արարողութիւնը պիտի   կատարուին  20      հոկտեմբեր  2017  յետմիջօրէի  ժամը  2:00-ին՝ Հալէպի Սուրբ Աստուածածին  եկեղեցւոյ  մէջ: