image

Առեւանգման դէպք Հալէպի մէջ. Ապահովական մարմինները լուծած են հարցը

Առեւանգման դէպք Հալէպի մէջ. Ապահովական մարմինները լուծած են հարցը

Երէկ գիշեր ժամը 10:30-ի մօտերը, Հալէպի Ալ-Աշրաֆիյէ շրջանին մէջ, երկու երիտասարդներ փիք-ափ ինքնաշարժով, փորձած են առեւանգել մայր մը ու անոր դուստրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ սուրիացի լրագրողուհի Քինանա Ալլուշ, իր ֆէսպուքեան էջին:

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոստիկանութեան հրամանատարութիւնը անմիջապէս սկսած էր առեւանգողներու հետապնդման աշխատանքը:

Ոստիանութիւնը յաջողած է հետապնդել ինքնաշարժը մինջեւ Ալ-Սախուր շրջան եւ ձերբակալել յանցագործները Սախուրի Ալ-Խայրաթ մզկիթին մօտ, առեւանգողներու հետ բախումներէ ետք: 

Կէս ժամուայ ընթացքին առեւագեալ մայրն ու անոր դուստրը ազատուած էին: