image

Թուրքիա. Քիւրտ զինեալներու մօտ յայտնաբերուած են ռուսական զէնքեր

Թուրքիա. Քիւրտ զինեալներու մօտ յայտնաբերուած են ռուսական զէնքեր

Թուրքիոյ Շըրնաք նահանգին մէջ «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն» խմբաւորման դէմ իրականացուող խուզարկողական լայնածաւալ գործողութիւններէն մէկուն ժամանակ յայտնաբերուած է ռուսական արտադրութեան Մեթիս հակաթանկային կառավարուող հրթիռ: Այս մասին tert.am-ի հաղրդմամաբ, հայտնած է թրքական  t24.com.tr կայքը:

Բացի այդ, քիւրտ գրոհայիններու թաքստոցներուն մէջ յայտնաբերուած է 3 հատ M16 տեսակի ամերիկեան հրացան, ռուսական РПГ-7  ձեռքի հակաթանկային նռնականետ, «Կլաշնիքով»  տեսակի 10 ինքնաձիգ:


Թրքական կայքը նշած է, որ Մեթիս հակաթանկային կառավարուող հրթիռի լուսանկարները ընկերային ցանցերուն մէջ պարբերաբար հրապարակուած են քիւրտ զինեալներու կողմէն: