image

87-ամեայ թուրք քաղքացին Աթաթուրքի ժառանգութիւնէն իր բաժինը կը պահանջէ

87-ամեայ թուրք  քաղքացին  Աթաթուրքի ժառանգութիւնէն իր բաժինը կը պահանջէ

Թուրքիոյ Չանաքալլէ քաղաքի բնակիչ Ճեւաթ Եալթըրաքլըն, որ ինքն իրեն  Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր ու առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի վառ երկրպագու անուանած է, պետութենէն իր մասնաբաժինը կը պահանջէ՝ Անգարայի արեւմուտքը Աթաթուրքի հիմնած անտառային տնտեսութենէն: Այս մասին կը գրէ  Sputnik–ի թրքական ծառայութիւնը:

Մահանալէ առաջ Աթաթուրք յայտնած էր, որ իր հիմնած անտառային տնտեսութիւնը, ինչպէս նաեւ շարժական ու անշարժ ամբողջ գոյքը պաշտօնապէս ժառանգութիւն կը թողէ թուրք ժողովուրդին: Այժմ նշեալ անտառային տնտեսութիւնը կ'օգտագործուի Թուրքիոյ սնունդի, գիւղատնտեսութեան եւ անասնաբուծութեան նախարարութեան կողմէ:

87-ամեայ քաղաքացին, սակայն, կը պնդէ, որ ըլլալով թուրք ժողովուրդի ներկայացուցիչ, իրաւունք ունի օգտուելու Աթաթուրքի թողած ժառանգութենէն եւ պահանջած է թրքական դատարանէն իրեն յատկացնել 88 միլիառ տոլարէն իրեն որպէս քաղաքացի բաժին հասանող մասը:

«Ես այսօր կը պահանջեմ իմ բաժինը, քանի որ թուրք ազգի ներկայացուցիչ եմ եւ Աթաթուրքի ժառանգորդ», - ըսած է Եալթըրաքլըն՝ պնդելով, որ տարածքի պետականացումը սխալ է, եւ իր նպատակն է ուղղել այդ ապօրինութիւնը:

 

Լուրը՝ tert.am-էն