Հալէպի մէջ, 12 նոյեմբերին, Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Ակադեմիայի (միութիւն) կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է Քունկ-Ֆու Ուու-Շույի գօտիներու եւ Ճումպազի քննութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Perio News»ը:
Քննութիւններուն ներկայ եղած են ABBA-ի Սուրիոյ Միութեան հիմնադիր կազմի անդամ, Միութեան յարաբերութեան եւ դաստիարակչականի ներկայացուցիչ, այժմ՝ Ընդհանուր տնօրէն` Աւօ Գաթրճեանը, ABBA-ի ընդհանուր մարզիչ` Շի-Ֆու Ճորճ Խուրին եւ մարզիչ` Դալար Փաշայեանը:
ABBA-ի սաները բծախնդրութեամբ ներկայացած են իրենց քննութիւններուն: