image

Մահացաւ Ճոնի Հոլիտէյը

Մահացաւ Ճոնի Հոլիտէյը

Եօթանասունչորս տարեկանին կեանքէն հեռացաւ հանրայայտ ֆրանսացի երգիչ, երգահան Ճոնի Հոլիտէյը։ Այդ մասին «Ֆրանս բրես» գործակալութեան յայտնած է անոր կինը՝ Լետիցիան։


«Ան հեռացաւ...Ես կը գրեմ այս տողերը՝ չհաւատալով գրածիս։ Եւ, այնուամենայնիւ, այդ այդպէս է։ Իմ տղամարդը այլեւս չկայ։ Ան լքեց մեզի այս գիշեր։ Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ան ապրեցաւ արժանապատուօրէն»,- ըսուած է երաժշիտի կնոջ յայտարարութեան մէջ։


Ռոքըրը մօտ մէկ տարի պայքարած է թոքերու քաղցկեղի դէմ։ Աւելի վաղ լրատուամիջոցները յայտնած են, որ քիմիաթերափիան բացասաբար ազդած է երաժիշտի առողջութեան վրայ, եւ անոր վիճակը վատթարացած է։


Ճոնի Հոլիտէյի իրական անունը Ժան-Ֆիլիփ Լեօ Սմեթ է, ան ծնած է 15 յունիս 1943-ին, Փարիզ։ Ան իրականացուցած է աւելի քան 400 շրջագայութիւն, որոնք հաւաքած են աւելի քան 15 միլիոն հանդիսատես։ 2005 թուականի դրութեամբ վաճառուած է անոր մօտ 80 միլիոն ձայնասկաւառակ։ Ան շատ երգեր գրած է «շանսոն» ոճով, նաեւ՝ ֆիլմերու համար։