image
Հրատապ լուրեր:

Թրքական պետութիւնը լուռ հետեւած է Հրանդ Տինքի սպանութեան կամզակերպման․ թուրք հետախոյզ

Թրքական պետութիւնը լուռ հետեւած է Հրանդ Տինքի սպանութեան կամզակերպման․ թուրք հետախոյզ

Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատավարութեան ժամանակ Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժնի նախկին պետ Մեթին Ելըտըզ գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւն մը ըրած է։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»-ը, Մեթին Եըլտըզ դատարանէն ներս յայտարարած է, թէ պետութիւնը տեղեակ եղած է Տինքի սպանութեան նախապատրաստման մասին, սակայն ոչինչ չէ ըրած զինք պաշտպանելու համար։ «Ոստիկանութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութիւնը մեզմէ առաջ իմացած են Հրանդ Տինքի դէմ նախապատրաստուող մահափորձի մասին։

Պոլսոյ ոստիկանութիւնը բաւարար տեղեկութիւններ ունէր, որ Տինքի դէմ մահափորձ կը կազմակերպեն։ Այնտեղ ամէն ինչ շատ լաւ գիտէին, սակայն չփորձեցին կանխել սպանութիւնը»,-ըսած է Մեթին Եըլտըզը։

Նշենք, որ նախորդ վկայութեան ժամանակ Մեթին Եըլտըզ նաեւ շեշտած է, որ Տինքի դէմ նախապատարստուող սպանութեան մասին տեղեկացուցած է ոստիկանութեան հրամանատարին, սակայն, որեւէ հրահանգ չէ ստացած գործողութիւն իրականացնելու համար։