image
Հրատապ լուրեր:

Վալանսի մէջ նշուած է Ս. Սահակ եկեղեցւոյ խորանի օծման 25-րդ ամեակը

Վալանսի մէջ նշուած է Ս. Սահակ եկեղեցւոյ խորանի օծման 25-րդ ամեակը

Շաբաթ, 25 նոյեմբեր 2017-ին,  նշուեցաւ Վալանսի Ս. Սահակ եկեղեցւոյ խորանի օծման 25-րդ ամեակը, ներկայութեամբ աւելի քան 150 հաւատացեալներու եւ տոգորուած տօնական բարձր ու ոգեւորիչ մթնոլորտով։

Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ հոգեւորականներու մասնակցութիւնը կրկնակի տօնական դարձուց սոյն հանդիսութիւնը։ Երեկոյեան ներկայ էին՝ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարուհի մեծայարգ Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան, ՀՀ Մարսէլի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Խառազեան, ՀՀ Լիոնի փոխհիւպատոս Գայիանէ Մանուկեան, Վալանսի քաղաքապետ Նիկոլա Տարակոն, ֆրանսահայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննէսեան, Բարձրաշնորհ Տէր Նորվան Արք․ Զաքարեան, Տէր Նարեկ աւագ քահանայ Վարդանեան եւ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Անդրանիկ քահանայ Մալճեան։

Հայկական սովորութեան համաձայն պաշտօնական անձինք դիմաւորուեցան աւանդական աղ ու հացով։ Գեղարուեստական ճոխ յայտագիրին զուգահեռ գոյութիւն ունէին նաեւ շարք մը անակնկալներ։ Բարձր գնահատելով Դաւիթեան միօրեայ վարժարանի հայապահպանման ուղղութեամբ ունեցած նշանակալի դերը, տիկ․ Յակոբեան պատուոգիրներ շնորհեց վարժարանի վեց ուսուցչուհիներուն, երկար տարիներու իրենց անսակարկ նուիրումին եւ ծառայութեան համար։

Դպրոցի տեսուչ՝ Տէր Անդրանիկ քահանայ Մալճեան պարգեւատրուեցաւ «Մայրենի Լեզուի Պաշտպան» շքանշանով, որպէս տեսուչ տարիներու վաստակին եւ հայ գիրի ու դպրութեան պահպանման ոլորտին մէջ ներդրած իր մեծագոյն աւադնին համար։

Մթնոլորտը ջերմ էր եւ անմիջական։ Տիկին Յակոբեան իր խօսքին ընդմէջէն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Վալանսի գաղութին, օտար ափերու վրայ այսպիսի կազմակերպուած եկեղեցի եւ դպրոց ունենալուն համար, միաժամանակ մատնանշեց ամէնօրեայ դպրոցի մը ստեղծման անհրաժեշտութիւնը։

Ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ թեմական Վարդան Մամիկոնեանի շքանշանի բաշխումով։ Արդ, Ս. Սահակ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի հոգեւոր հովիւին խնդրանքով թեմիս առաջնորդը պարգեւատրման արժանի գտաւ հինգ ժրաջան հաւատացեալներ` տիկ. Աւճեան֊Պասթորինօ, տիկ. Թնկրեան, տիկ. Քեզաշեան, տիար Իլիոզէր եւ սարկաւագ Վարդանեան, որոնք տարիներ շարունակ իրենց նուիրումն ու ծառայութիւնը ցուցաբերած են Վալանսի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ։

Ճաշկերոյթի աւարտին հայկական երգն ու պարը իրենց տեղը զիջեցին օրուայ թագուհի կարկանդակին։

Յաջորդ օրը, Կիրակի, 26 Նոյեմբերին, բարձրաշնորհ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեանը մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ի յիշատակ Վալանսի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր բարերարներուն։ Եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց` հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Յաւարտ Ս. Պատարագին՝ հոգեւորականաց դասը կատարեց ապագայի ամէնօրեայ դպրոցի հողակոյտին օրհնութիւնը։