image

Վրացահայ առաջին կին oդաչու Նատեժտա Պենկլեանին մրցանակի տիրացած է

Վրացահայ առաջին կին oդաչու Նատեժտա Պենկլեանին մրցանակի տիրացած է

Վրաստանի քաղաքացիական օդանաւային ընկերութեան առաջին եւ առայժմ միակ կին օդաչուին` 25–ամեայ հայուհի Նատեժտա Պենկլեանին NASA-ի տիեզերագնաց Հայտի Ֆայֆերը յանձնած է ԱՄՆ–ի դեսպանատան պարգեւը «Կանանց առաջնորդութեան եւ արիութեան համար», կը հաղորդէ Sputnik Կրուզիան:

Պարգեւատրման արարողութիւնը կայացած է Վրաստանի օդանաւային համալսարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է Բենկլեան:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է, առաւել եւս, որ այդ պարգեւը ինծի յանձնած է նման կարեւոր անձնաւորութիւն մը: Ես հիացած եմ անով: Անհաւանական է, երբ նման մարդ մը կը հիանայ քեզմով: Կը պարզուի` ան ցանկացած է օդաչու դառնալ, բայց տեսողական խնդիրներու պատճառով չէ կրցած», – armeniasputnik.am-ի փոխանցմամբ` ըսած է Պեկլեան Sputnik Կրուզիային:

Քանի մը ամիս առաջ Բենկլեան սկսած է աշխատիլ «Georgian Airways» օդանաւային ընկերութեան մէջ: Ան ապացուցեց, որ կինն ալ կրնայ տղամարդուն յատուկ գործեր ընել ու կառավարել ինքնաթիռը անոնցմէ ալ լաւ:

Ֆայֆերը ոչ միայն NASA–ի տիեզերագնաց է 1993թ–էն, այլ նաեւ ԱՄՆ ծովային նաւատորմի հրամանատար: Ան առաջին անգամ տիեզերք գացած  է 2006թ–ին: