image

Վերաօծուեցան Օձունի Հոռոմայրի եւ Ձորեզրի սրբավայրերը

Վերաօծուեցան Օձունի Հոռոմայրի եւ Ձորեզրի սրբավայրերը

Ձեռամբ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Չուլճեանի, վերաօծուեցան Օձունի Հոռոմայրի Ձորեզրի սրբավայրերը։

10-րդ եւ 13-դարերու եկեղեցիներն ու անոնց միջեւ կառուցուած գաւիթը վերականգուեցան ճարտարապետ Սուրէն Աբովեանի նախագիծերով։

Վերականգնման ծրագիրը մտայաղացուած եւ իրագործուած էր բարերարութեամբ Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալպանտեանի եւ Թումանեանի շրջանի ԷԷՑ պետ Աշոտ Շաքարեանի բարերարութեամբ։

Վերաօծումէն ետք, Օձունի եւ տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Վրթանես քահանայ Բաղալեանը մատուցած է Ս.Պատարագ, իսկ Ս.Պատարագի աւարտին թեմակալ առաջնորդը օրհնած է մատաղը, որ բաժանուած է ուխտաւորներուն: