image
Հրատապ լուրեր:

Ես Կիւլէնական դպրոցի սան եղած եմ. Խոստովանած է Էրտողանի փեսան

Ես Կիւլէնական դպրոցի սան եղած եմ. Խոստովանած է Էրտողանի փեսան

Թուրքիոյ ուժանիւթի ու բնական պաշարներու նախարար, նախագահ Էրտողանի փեսայ՝ Պերաթ Ալպայրաք խոստովանած է, որ ուսանած է կիւլէնական համայնքի կողմէ ֆինանսաւորուող դպրոցի մէջ: Այս մասին գրած է թրքական T24 կայքը:


Էրտողանի փեսան հաւաստիացուցած է, որ հակառակ անոր, ան «չէ վաճառուած» ու չէ շեղուած ճիշդ ճանապարհէն:

«35 տարի շարունակ այս երկրին մէջ գործող հարիւրաւոր կիւլէնական դպրոցներուն մէջ ուսանած հարիւր հազարաւոր երիտասարդներէն մէկն եմ: Սակայն իմ ծնողները ինձ այնպէս մեծցուցած էին, որ երբեք խելքս չվաճառեցի: Երբեք չհրաժարեցայ այն արժէքներէն, որոնց կը հաւատամ: Փառք Աստուծոյ՝ բոլորը գիտեն որու տղան եմ եւ ինչպէս ապրած են», - ըսած է Ալպայրաք:

Պատասխանելով հարցին, թէ ուր գտնուած է ան յեղաշրջման փորձի գիշերը, Էրտողանի փեսան ըսած է. «Թէ ուր եղած եմ այդ օրը՝ գիտեն միայն երեք երեխաներս ու Ալլահը»:Էրտողան